2013-10-05 12:04:41

Բողոքական Եկեղեցիներու Դաշնակցութեան Միջազգային Գիտաժողովը` Ի Պատրաստութիւն Լուտերական Վերանորոգումին 5րդ Դարադարձին։


Բողոքական վերանորոգուած եկեղեցին, 2017 թուականին պիտի տօնախմբէ իր հաստատման 5-րդ դարադարձը։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ մը կը հանդիսանայ բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութեան` կազմակերպելու համար միջազգային գիտաժողով մը Զիւրիխի մէջ 6-10 հոկտեմբեր 2013, ի պատրաստութիւն այդ յիշարժան թուականին։
Գիտաժողովին բացումը նախատեսուած է կիրակի 5 հոկտեմբերի յետմիջօրէին։ Գիտաժողովին մասնակցող բազմաթիւ անձնաւորութիւններու շարքին է նաեւ Կարտինալ Գիւրդ Քոխը` Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդին նախագահը որուն ելոյթը տեղի կ՛ունենայ 9 հոկետմբերին։
Գիտաժողովի կէտնպատակն է`այժմէականացնել ''Լուտերական Վերանորոգումի'' պատգամը ըլլայ Եկեղեցւոյ ըլլայ ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.